Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի հետ Սուրիոյ հիւսիսային իրավիճակին շուրջ:
Փութին զրոյցին ընթացքին շեշտեց Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման իր յստակ դիրքորոշումը, դիտել տալով որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ որեւէ համաձայնութեան կիզակէտը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու Սուրիոյ մէջ անջատողական նկրտումներուն վերացումն է:

Իր կարգին, նախագահ Ասատ յայտնեց, որ կտրականապէս դէմ է սուրիական հողերու բռնագրաւման որեւէ փորձի, ինչ անուան տակ ալ ըլլայ ան, ապա անդրադառնալով անջատողական նկրտումներ ունեցողներուն, աւելցուց որ անոնք ներկայ լարուած իրավիճակին ողջ պատասխանատուութիւնը կը կրեն:

Նախագահ Ասատ կարեւոր համարեց տարհանուած բնակչութեան տունդարձը, առաջքը առնելու շրջանի ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան փորձերուն: Եզրափակելով Սուրիոյ նախագահը շեշտեց, որ Սուրիա պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան եւ ծաւալապաշտութեան դէմ իր պայքարը կարելի բոլոր միջոցներով, Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ:

Յիշենք որ Սոչիի մէջ, Երեքշաթբի, 22 Հոկտեմբերին, Ռուսիոյ նախագահը Թուրքիոյ նախագահին հետ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի իրավիճակին եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն շուրջ գումարեց խորհրդակցական նիստ մը, որ տեւեց ութը ժամ: Նիստէն ետք նախագահները մամլոյ ասուլիս մը ունեցան: