«Ազդակ».- Հակառակ նախորդ հինգ օրերուն ընթացքին Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ տիրող կացութեան եւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն լիբանանցի քաղաքացիներուն բազմութիւններուն կողմէ Պէյրութի, Թրիփոլիի, Զուքի, Ժալ ալ Տիպի, Շեւրոլէի եւ Սուրի հրապարակներն ու մայրուղիները ողողելու երեւոյթին, երէկ` ժողովրդային պոռթկումի վեցերորդ օրուան ընթացքին, շարժումը աւելի դանդաղ քայլերով ընթացաւ` իր գագաթնակէտին հասնելով երեկոյեան:
Առաւօտեան կանուխ ժամերուն ընթացքին շատ աւելի աշխուժ ընթացան փողոցները փակելու քայլերը, որոնց իբրեւ հետեւանք երթեւեկի լուրջ հարցեր ստեղծուեցան քաղաքացիներուն դիմաց:
Սակայն յետմիջօրէին Կեդրոնական Պէյրութի զոյգ հրապարակները` Նահատակացն ու Ռիատ Սոլհը, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Սուրի Ալամ հրապարակը, ինչպէս նաեւ Ժալ Էլ Տիպի եւ Զուքի մայրուղիները ողողուեցան լիբանանցի քաղաքացիներով, որոնք ամբողջ գիշեր փողոցը մնացին եւ լիբանանեան դրօշակը բարձրացնելով դարձեալ կրկնեցին իրենց պահանջները` պահանջելով իշխանութեան հրաժարականը:
Բայց եւ այնպէս այս լուրջ պահանջին առընթեր անոնք անցուցին նաեւ այլ ճոխ գիշեր մը` երգով ու պարով լեցուն:
Ակներեւ էր նաեւ այն իրականութիւնը, որ երէկ խումբ մը արուեստագէտներ ներխուժեցին Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայան եւ մեղադրեցին զայն ժողովրդային շարժումը չսփռելու յանցանքով:
Անոնք հաստատեցին, որ այդ կայանը ժողովուրդին կայանն է եւ անոր արդար պահանջները արտացոլացնող հայելին պէտք է դառնայ:
Մինչ ցուցարարները այս մթնոլորտով կը շարունակէին կառչած մնալ իրենց պահանջներուն, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ ձերբակալեց լիբանանցի ու պաղեստինցի տասնեակ երիտասարդներ, որոնք յարձակած էին Սուրի հանգստարանին վրայ եւ հրկիզած զայն:
Լիբանանեան բանակը գիշերուան ժամը 11:00-ին յաջողեցաւ վերաբանալ Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող մայրուղին` երկու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Զահրանի-Սայտա-Սուր-Ղազիէ եւ Պուարի մայրուղիները:
Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 9:00-ին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած էին բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անկէ պահանջած, որ բանակը վերաբանայ ճամբաները` դիւրացնելու համար քաղաքացիներուն երթեւեկը:
Փուռերու սեփականատէրերու սենտիքան իր կարգին կոչ ուղղեց բանակին, որ Պէյրութի նաւահանգիստէն ցորենի փոխադրութիւնը ապահովէ ալրաղացներուն եւ ապա ալիւրը` փուռերուն: Սենտիքան նկատել տուաւ, որ այս փոխադրութեան չապահովուելուն պարագային, լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ հացի տագնապ պիտի սկսի:
Միւս կողմէ, Դրամատուներու Միութիւնը դարձեալ հաստատեց, որ դրամատուները այսօր եւս իրենց դռները փակ պիտի պահեն:
Իսկ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտարարեց, որ Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր դպրոցները ցնոր տնօրինում փակ պիտի մնան:
Այս շրջագիծին մէջ, պէտք է անդրադառնալ, որ մեծ թիւով ցուցարարներ երէկ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Կեդրոնական դրամատան դիմաց, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին այսօր բողոքի ցոյց մը կազմակերպելու կրթութեան նախարարութեան դիմաց` պահանջելու համար նախարար Շեհայէպի հրաժարականը:
Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ֆուատ Այուպ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ նկատի ունենալով ուսանողներուն ապահովութիւնը, համալսարանը կը շարունակէ դասադուլը` աւելցնելով սակայն, որ համալսարանը իր բոլոր բաժանմունքներուն դռները պիտի վերաբանայ` կատարելու համար վարչական աշխատանքները:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի օժանդակ երկիրներու դեսպանները, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ, Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկ, Գերմանիոյ դեսպան Պըրկլին, Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի, Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ, Չինաստանի դեսպանատան գործակատար Ճիանկ Զուիանկ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ, Արաբական լիկայի ներկայացուցիչ Ապտել Ռահման Սոլհ եւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:
Հանդիպումէն ետք Քուպիչ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի ներկայացուցած է այն լուրջ բարեկարգումները, որոնք որդեգրուած են կառավարութեան կողմէ, ըլլան անոնք 2020-ի պետական ամավարկին մէջ ներառուած բարեկարգումները, որոնք սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին մէջ են, ինչպէս նաեւ ամավարկին զուգահեռ որդեգրուած բարեկարգումները:
Ան նկատել տուաւ, թէ Հարիրի ողջունած է ցոյցերը` հաստատելով, որ լիբանանցի երիտասարդներուն արդար եւ հզօր պոռթկումին շնորհիւ է, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է բարեկարգումներու այդ ծրագիրը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ բարեկարգումի որոշումները չեն տրուած այն պայմանով, որ ցոյցերը դադրին:
Քուպիչ ընդգծեց նաեւ, որ ոչ ոքի արտօնուած է սպառնալ ցուցարարներուն` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է պաշտպանել խաղաղ ցուցարարները:
Քուպիչ նշեց, որ իրենք կը զօրակցին կառավարութեան որդեգրած բարեկարգումներուն եւ անոնց հետապնդած նպատակներուն: Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի օժանդակ երկիրները կոչ կ՛ուղղեն երկրին պետութեան եւ քաղաքական տարբեր ուժերուն անսալու ժողովուրդին արդար պահանջներուն եւ աշխատելու անոր հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ հարցերուն լուծումներ գտնել:
Ան բարձր գնահատեց անցեալ շաբաթ օրուընէ սկսեալ տեղի ունեցող խաղաղ ցոյցերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ ցուցարարներուն պաշտպանութեան ապահովումը:
Բարեկարգումներու յատուկ նախարարական յանձնախումբը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին փտածութեան դէմ պայքարելու օրէնքի մշակումը եւ իւրացուած գումարները վերադարձնելու թղթածրարը:
Կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը վաղը` հինգշաբթի, 24 հոկտեմբերին գումարէ նիստ մը` արագացնելու համար բարեկարգումներու գործադրութիւնը:
Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային` ներկայութեամբ Բարգաւաճման եւ վերակառուցումի խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի:
Հանդիպումէն ետք Քանայի բաւարարուեցաւ յայտարարելով, որ ներկայիս գործելու ժամանակն է եւ ոչ թէ խօսելու:
Վարչապետ Հարիրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ դեսպան Ֆուշէ, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի:
Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Փարիզ կը քաջալերէ Լիբանանի կառավարութիւնը` գործադրելու համար անհրաժեշտ բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ պահպանելու բողոքի ցոյցերուն խաղաղ բնոյթը եւ յարգելու բողոքի ցոյց կատարելու լիբանանցիներուն իրաւունքը:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Ֆրանսա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին` ընդգծելով, որ Փարիզ յանձնառու կը մնայ գործադրելու «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները` միջազգային իր գործակիցներուն հետ միասնաբար: