Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2019-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Լաթաքիոյ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խոհուրդի գրասենեակէն ներս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ Լաթաքիոյ, Թարթուսի, Քեսապի, Ղընէմիէի եւ Արամոյի եկեղեցիներու թաղականութեանց հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին Սրբազան հայրը ներկայ մարտահրաւէրները շրջահայեաց կերպով դիմագրաւելը կարեւորեց։ Ծովափնեայ շրջաններու թաղականութեանց ներկայացուցիչները, ամփոփ ձեւով խօսեցան ներկայ իրավիճակին մասին, յայտնելով թէ հակառակ բազմաբնոյթ տագնապներուն՝ ծովեզերեայ շրջանի հայերը յուսադրուած կը շարունակեն ապրիլ։ Անոնք նաեւ իրենց մտահոգութիւնները պարզեցին Սրբազան հօր։ Մտերմիկ եւ թափանցիկ հանդիպումը շահեկան էր։ Սրբազանը գնահատեց ներկաները, յայտնելով համագործակցութեան ոգիով ծառայելուն անհրաժեշտութիւնը։ Հանդիպման ներկայ էին Ազգ․ Վարչութեան ժողովի ատենապետ՝ Յարութ Քիլիսլեան, ատենադպրուհի՝ Հուրի Ապահունի, Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Վազգէն Քհնյ․ Քէօշկէրեան եւ Կրօնական ժողովի անդամ՝ Խորէն Քհնյ․ Պէրթիզլեան։ Թաղականնները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազանին՝ սոյն նախաձեռնութեան համար։