Gallup-ը հրապարակած է «Համաշխարհային Օրէնք եւ Կարգ» 2019-ի զեկոյցը, ուր կը ներկայացուին, թէ տարուան ընթացքին ո՛ր երկրները յառաջընթաց արձանագրած են` համապատասխանելու ՄԱԿ-ի կայուն զարգացման նպատակին` ունենալով «արդար, խաղաղ եւ ներառական հասարակութիւն»:
Զեկոյցին մէջ Հաաստան յայտնուած է ամէնէն ապահով երկիրներու տասնեակին մէջ` գրաւելով 7-րդ դիրքը: Հարցախոյզի մը աւարտին, մասնակիցներու 89 առ հարիւրը յայտնած է, որ ինքզինք ապահով կը զգայ Հայաստանի մէջ:
Առաջին ամէնէն անվտանգ երկիրներն են Սինկափուրը, Նորվեկիան ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: