Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին երկրին հարաւային շրջաններուն ուղղութեամբ արձակուած իսրայէլեան հրթիռներու, աւելցնելով, որ Դամասկոսի Միջազգային Օդանաւին մօտ պայթումի ձայներ լսուեցան։
Միւս կողմէ, «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թղթակիցը յայտնեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին ուղղութեամբ արձակուած իսրայէլեան հրթիռներուն։
Զինուորական աղբիւր մը հաղորդեց, որ հրթիռները արձակուեցան Կոլան- Սուրիա-Լիբանան սահմաններէն։ Հրթիռները կ՛ուղղուէին Դամասկոսի հարաւային արուարձանին մէջ գտնուող սուրիական զինուորական կեդրոններ, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը վար առնուեցաւ։