«Արմէնփրէս».-ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան 18 Նոյեմբերին  ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գերմանիոյ դեսպան Միքայէլ Պանցհաֆը:

Շնորհաւորելով Միքայէլ Պանցհաֆը Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը սկսելուն առիթով` Արարատ Միրզոյեան յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ, մասնաւորապէս նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ բաւական լուրջ եւ գործընկերային յարաբերութիւններ կան, որուն մասին կը վկայեն վերջին շրջանի ամենաբարձր մակարդակի  փոխայցելութիւնները: Աժ նախագահը ողջունած է Գերմանիոյ կողմէն տնտեսաւորուող կամ ճարտարագիտական աջակցութիւն ստացող զանազան ծրագիրներու իրականացումը, որոնք ուղղուած են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու շարունակութեան եւ Հայաստանի զարգացման առհասարակ:
Կողմերը խօսած են կրթական զանազան ծրագիրներու, երկու երկիրներու խորհրդարաններու միջեւ ձեւաւորուած լաւ աւանդոյթներուն մասին:
Դեսպան Պանցհաֆ շնորհակալութիւն  յայտնած է շնորհաւորանքին համար, յայտնելով, որ ուրախ է Հայաստան գտնուելու եւ աշխատելուն համար: