«Էրմէնիհապէր» կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մէջ սովորաբար հետապնդման կ՛ենթարկուին, կամ աշխատանքէ դուրս կը դրուին շարք մը նիւթերու վերաբերեալ պետութեան դիրքորոշման հակադիր կարծիք յայտնած լրագրողներն ու գործիչները:
Այս անգամ, սակայն, հակառակը պատահած է: Թուրք լրագրողը հրաժարական ներկայացուցած է լրատուական-վերլուծական կայքի խմբագրութեան, իսկ պատճառը Հայոց Ցեղասպանութիւնը պետական թեզերով ժխտող իր յօդուածին հեռացումն է կայքէն:
Դէպքը պատահած է Հայոց Ցեղասպանության մասին բազմաթիւ հրապարակումներով յատկանշուող, ազատական եւ ընդդիմադիր հայեացքներով յայտնի «Gazete Duvar» լրատուական կայքի խմբագրութեան հետ:
Կայքի գլխաւոր խմբագիր Ալի Թուրան Թոփուզ հեռացուցած է Քիւլքիւն Թուրքօղլուի «Հայերուն Տեղահանութիւնը» վերնագիրով յօդուածը՝ անոր փոխարէն տեղադրելով իր գրած «Ներողութեան Գրութիւն. Ժխտողականութեան Մերժում» յօդուածը:
«Շատ կը ցաւիմ: Շատ դժուար է ամօթս արտայայտելը», կը գրէ գլխաւոր խմբագիրը՝ բացատրելով, որ իրենց կայքը չ՛ընդունիր ժխտողականութիւնը, իսկ Թուրքօղլուի յօդուածը հրապարակուած է առանց կարդացուելու, քանի որ այս օրերուն խմբագիրներու նուազումին պատճառով երբեմն մշտական թղթակիցներուն յօդուածները առանց ստուգման կը հրապարակուին:
«Gazete Duvar»ը ժխտողականութիւնը մերժող մտածելակերպով կ՛առաջնորդուի: Այդ մէկը կը վերաբերի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին: Ես կը հաւատամ, որ մտքի ազատութիւնը մեզ չի պարտադրեր ընդունիլ ժխտումը, աչք փակել անոր վրայ ու օգնել անոր տարածման», գրած է Թոփուզ:
Իր յօդուածին հեռացումէն ու գլխաւոր խմբագիրին ներողութեան գրութեան հրապարակումէն ետք, Հայոց Ցեղասպանությունը ժխտող լրագրող Թուրքօղլուն հրաժարական ներկայացուցած է: