Քրիստոսի հրաշափառ Ծննդեան այս օրը, եկէ՛ք աստուածաշնչական բառերով իրարու աւետելով ըսենք. «Լոյս ըլլայ»: Այդ լոյսը Քրիստոս Ինքն է: Աստուած հաճեցաւ մեծագոյն Լոյսը՝ Իր Միածին Որդին ղրկել աշխարհ եւ խաւարին մէջ թափառող ժողովուրդներ մեծ Լոյսը տեսան ու ճանչցան: «Մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ» (Ես 9.2) կը յայտարարէ Եսայի մարգարէ եւ կը շարունակէ ըսելով. «Որովհետեւ մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ, եւ իշխանութիւնը Անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ ու Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան» (Ես 9.6):
Սուրբ Ծննդեան տօնին, խաւարած աշխարհը Բեթլեհէմի գունագեղ լոյսերով կը շողշողայ: Եկեղեցիներ, շէնքեր, բնակարաններ եւ վաճառատուներ լոյսերով զարդարուած կ’ըլլան: Ուրախութիւնն ու ջերմութիւնը կը համակեն բոլորին սրտերը, որովհետեւ «Աստուած Իր Միածինը աշխարհ ղրկեց, որ կեանքը Անով էր ու կեանքը մարդոց լոյսն էր, եւ Լոյսը խաւարին մէջ կը լուսաւորէր» (Յհ 1.4-5): Ինչ մեծ պարգեւ եւ օրհնութիւն: Զաքարիա քահանան ճանչցաւ Լոյսը, որ խաւարին մէջ նստող ժողովուրդին հասաւ, ծագող արեգակը վերէն մեզի այցի եկաւ (Ղկ 1.79): Եղիսաբէթ, Յովհաննէս Մկրտիչի մայրը, երբ Մարիամին հանդիպեցաւ, բարձրաձայն աղաղակեց. «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ, եւ օրհնեալ է քու որովայնիդ պտուղը» (Ղկ 1.42): Մարիամ, շնորհընկալ կոյսը, երբ իմացաւ աստուածային ծրագիրը, որ իրմով պիտի մարմնաւորուէր, ըսաւ. «Տէրը պիտի գովաբանեմ. Ահա հոգիս կ’ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս, որովհետեւ Ան տեսաւ իր աղախինին հեզութիւնը» (Ղկ 1.46-48): Յովսէփ, արդար մարդ ըլլալով, ընդունեց որ Մարիամին ներսիդին ծնածը Սուրբ Հոգիէն է, ու իր կինը քովը առաւ ու պաշտպանեց զայն: Բեթլեհէմի դաշտերուն վրայ, գիշերով հովիւներուն Տիրոջ փառքը յայտնուեցաւ, երբ հրեշտակը մեծ ուրախութեամբ աւետեց Փրկչին ծնունդը: Իմաստուն մոգերը Երուսաղէմ եկան ու ըսին. «Ուր է Հրեաներուն նորածին թագաւորը, մենք տեսանք անոր աստղը արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու իրեն» (Մտ 2.2): Արդար եւ աստուածավախ Սիմէոն ծերունին Հոգիով Տաճար եկաւ ու նորածին Փրկիչը գիրկը առնելով օրհնեց զԱստուած ու ըսաւ. «Որովհետեւ իմ աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու» (Ղկ 2.30-31): Նոյնպէս որբեւայրի Աննա մարգարէուհին, որ ծոմով ու աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցանէր, երբ Յիսուս Մանուկը տեսաւ, անմիջապէս եկաւ եւ Տիրոջ գոհութիւն տուաւ եւ Անոր մասին կը խօսէր բոլոր անոնց, որոնք փրկութեան կը սպասէին (Ղկ 2.37-38): Վերոյիշեալ անձնաւորութիւնները, Յիսուս Փրկչին ծննդեան ականատես առանձնաշնորհեալ վկաները հանդիսացան, անոնք Տիրոջ Լոյսը տեսան, ու ճանչցան արդարութեան արեգակը (Մղ 4.2):
Մենք ալ պէտք է տեսնենք մեծ Լոյսը, որ խաւարին մէջ կորսուած ժողովուրդին վրայ ծագեցաւ: Առանց այդ լոյսի գիտութեան, անկարելի է զԱստուած տեսնել, որովհետեւ Յիսուս ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսած եղաւ: Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրը իմ մէջս» (Յհ 14.10-11): Երբ երկինքը անձեւ ու պարապ էր, եւ անդունդին վրայ խաւար կար, եւ Աստուծոյ հոգին ջուրերուն վրայ կը շրջէր, Ստեղծիչը իր անծայրածիր գերիշխանութեամբ ըսաւ. «Լոյս ըլլայ ու լոյս եղաւ» (Ծն 1.3): Լոյսը գերագոյն նկատելով Աստուծոյ առաջին արարչագործութիւնը եղաւ: Առանց լոյսի ոչինչ տեսանելի է: Լոյսը կեանքի աղբիւր է: Հոն ուր լոյս կայ, հոն կեանք կայ, կեանքի յարատեւութիւն եւ ցնծութիւն: Երբ Յիսուս ծնաւ, անհուն ուրախութեամբ պարուրեց ողջ մարդկութեան սիրտը: Մեղքին պատճառով մարդուն մէջէն մարեցաւ հրաշագործ լոյսը: Աստուած իր մարգարէները ղրկեց, որ լոյսը տարածեն: Հակառակ Աստուծոյ ծրագիրներուն եւ մարդը փրկելու նախաձեռնութեան, մարդը մերժեց լոյսը եւ ընտրեց խաւարը:
Ահաւասիկ հին տարին ճամբեցինք եւ նոր տարին դիմաւորեցինք, այն խոր հաւատքով, որ մանկացեալ Փրկիչը, արդարութեան Արեգակը, դարձեալ պիտի վերանորոգէ ամբողջ երկրագունդը, պիտի լուսաւորէ տիեզերքը: Այդ լոյսը թող ըլլայ մեր կեանքի առանցքը: Տեսնենք այդ լոյսը ու մօտենանք անոր եւ այդ լոյսին ընդմէջէն մեր անձերը ճանչնանք ու գործերը քննենք: Քրիստոս եկաւ կոյրերուն աչքերը բանալու: Մանկացեալ Արքան, թող բանայ մեր աչքերը եւս, որպէսզի լոյսի մէջ քալենք: Պօղոս առաքեալ մեզ կը յուսադրէ ըսելով. «Թէպէտ ժամանակ մը խաւար էիք, սակայն հիմա որ Տիրոջ միացաք՝ լոյս էք: Հետեւաբար լոյսի որդիներուն վայել ձեւով ապրեցէք, որովհետեւ լոյսին պտուղներն են՝ բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը: Ջանացէք հասկնալ՝ թէ Աստուած ի՛նչ կ’ուզէ ձեզմէ, եւ բնաւ մասնակից մի՛ ըլլաք խաւարին գործերուն, որոնք Աստուծոյ կամեցած պտուղները չեն տար» (Եփ 5.8-11): Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան այս օրերուն, Տիրոջ հաճելի պիտի թուէր այն, որ մենք իրեն վստահինք մեր կեանքի օրերը, իրեն յանձնուինք, եւ իր խօսքով քալենք, ինչպէս կ’ըսէ սաղմոսերգուն. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է, ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս» (Սղ 119.105):
«Եկէ՛ք, Տիրոջ լոյսով քալենք», պիտի յորդորէր Եսայի մարգարէն (Ես 2.5): Եկէք Զաքարիային պէս գիտակցինք ծագող արեգակին, Եղիսաբէթի նման օրհնենք Սուրբ Հոգւոյն պտուղը, Մարիամի օրինակով գովաբանենք Աստուծոյ հրաշագործ ձեռքերը, Յովսէփի հետեւելով արդարութեամբ քալենք, հովիւներուն պէս պարզութեամբ եւ մաքուր սրտերով դիմաւորենք երկնային աւետիսը, մոգերուն իմաստութեամբ փնտռենք եւ երկիւղածութեամբ երկրպագենք մսուրի մէջ ծնած Արքային: Սիմէոն ծերունիին նման սպասենք Տիրոջ մօտալուտ գալուստին, Աննա մարգարէուհիին նման միշտ փառք եւ գոհութիւն վերառաքենք Աստուծոյ՝ մեզի ընծայաբերած պարգեւին համար եւ բոլորին պատմենք Իր բերած փրկութեան մասին:
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան օրհնաբեր այս օրերուն, միասնաբար նորոգենք մեր ուխտերը եւ Իր լոյսով շարունակենք քալել մեր առջեւ բացուած նոր շաւիղէն: Եկէ՛ք, Տիրոջ լոյսով քալենք:
Մենք եւս ունինք յատուկ առաքելութիւն մը, որուն ուղեցոյցը եւ ներշնչման աղբիւրը Աւետարանն է, որ կը պատգամէ հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին, դառնալու համար լոյսի առաքեալներ:
2019 տարուան ընթացքին սուրիահայութեան համար մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները անժխտելի իրականութիւններ էին: Մեր եկեղեցւոյ զաւակները տոկուն կամքով վճռեցին հաւատքով սպառազինուիլ: Փառք Աստուծոյ, որովհետեւ Սուրիական Հայրենիքը անխախտելի մնալով հերոսական գոյապայքար մղեց, խաղաղութեան ծիածանը տեսնելու ձգտումով: Փառք Աստուծոյ, որովհետեւ մեր ազգի զաւակները օգնութեան ձեռք երկարեցին, աղօթակից եւ ցաւակից եղան իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Վերականգնումի այս օրերուն, հաստատուն հաւատքով պիտի վերակազմակերպենք մեր նոր սերունդները եւ միասնական աշխատանքով կրկին պիտի ծաղկեցնենք սուրիական օրհնեալ հայրենիքը:
Մանկացեալ Փրկիչին հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան տօնը մեզի կ’իմացնէ, թէ մենք Լոյսի Առաքեալներ ենք: Այս մասին պերճախօս վկան է մեր դարաւոր պատմութիւնը: Օտարացնող եւ այլասերող հոսանքներուն դէմ հայը կանգուն մնաց, իր հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներուն տէր կանգնեցաւ՝ ծով զոհողութեամբ եւ հաւատքի վկայութեամբ: Հայու հոգին սխրագործութիւններուն ընդմէջէն սքանչելի լոյսին յաւերժախօս խորհուրդը փոխանցեց սերունդէ սերունդ:
Թող ընդմիշտ պայծառ մնայ Քրիստոսասէր հայու հոգին ի փառս Աստուծոյ, ի պատիւ մեր ազգին եւ ի պանծացումն Հայ Եկեղեցւոյ:
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան օրհնաբեր տօներուն առիթով մեր որդիական անվերապահ սէրը կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր Հայրապետ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Վեհափառին, մաղթելով արեւշատութիւն եւ երկնային բարիքներով ծաղկազարդ օրեր: Մեր Թեմէն ներս գործող Հոգեւորականաց Դասուն, Ազգային Իշխանութեան, բոլոր կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն կը մաղթենք բարեյաջող գործունէութիւն, երջանկաբեր, օրհնաբեր եւ խաղաղ օրեր:
2020 թուականը յատկանշական տարի է երկու եզակի առիթներով: Առաջինը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակը: Ուստի, սրտի անհուն բերկրանքով եւ երախտագիտական զգացումներով կը շնորհաւորենք մեր Հովուապետը, մաղթելով ընդ երկար գահակալութիւն ի փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն Հայ Եկեղեցւոյ: Երկրորդը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի հիմնադրութեան 90-ամեակն է: Արամ Ա. Վեհափառին բնորոշմամբ «Դպրեվանքը Կաթողիկոսութեան սիրտն է»: Արդար բնութագրում մը, որ հարազատ կերպով կը բացատրէ դպրեվանքին առաքելութիւնը: Ուստի, Ամենակալէն կը հայցենք, որ այդ «Սիրտը» հոգեմտաւոր արժէքներով բաբախուն մնայ, որպէսզի նոր մշակներ պատրաստէ մեր եկեղեցիին՝ «Հոգիներու ծննդավայրին»:
Թող բացուող Նոր Տարին ըլլայ բարեբեր համայն մարդկութեան եւ ողջ հայութեան համար: Թող որ մանկացեալ Յիսուս Փրկիչը Իր խաղաղութիւնը շնորհէ մեզի եւ Իր անպատմելի սէրը թագաւորէ մեր կեանքէն ներս:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ։