Տէրիքի մէջ Նոր Տարին նոր յոյսերով կը դիմաւորուի։ Տօնական մթնոլորտը ատկայ է նաեւ տեղւոյն մեր համայնքէն ներս։

Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Տէրիքի Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչաց կազմին, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Տէրիքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ներկայացուցին Ամանորի առիթով պատրաստուած երգերն ու պարերը։
Քահանայ հայրը իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց վարժարանի ուսուցչաց կազմին աշխատանքը եւ փոխանցելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի բարի մաղթանքները ըսաւ. «Թող 2020 տարին ուրախ եւ բարեբեր տարի ըլլայ Ճեզիրէի հայութեան, Սուրիական Հայրենիքին եւ համայն աշխարհին համար»։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն