Հասիչէի մէջ եւս Կաղանդի տօնակատարութիւնները կը շարունակուին։
Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Հասիչէի Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչաց կազմին, Կիրակի, 23 Դեկտեմբեր 2019-ին ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ Հասիչէի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները տօնեցին ամանորը։
Տեղի ունեցան խմբային երգեր ու պարեր, իսկ մթնոլորտը խանդավառեց եւ փոքրիկներուն ուրախութիւնը կրկնապատկեց Կաղանդ Պապուկին մուտքն ու նուէրներու բաշխումը։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն