Շաբաթ, 5 Յունուար 2020֊ի երեկոյեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ծննդեան տօնին առիթով, գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։

Դպրաց դասն ու Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ծննդեան շարականներէն ու սաղմոսներէն հատուածներ ներկայացուցին, ապա տեղի ունեցաւ Զատկուան առիթով կոկիկ հիւրասիրութիւն, պատրաստուած եկեղեցասիրաց տիկնաց կազմին կողմէ, որմէ ետք ներկաները եկեղեցւոյ ճրագէն մոմեր վառելով իրենց տուները տարին, միասնաբար աղօթելով, որ 2020 տարին բարեբեր տարի ըլլայ համայն աշխարհին համար։

Պատարագէն ետք, հոգեշնորհ հայր սուրբը, ընկերակցութեամբ արժանապատիւ քահանայ հօր, թաղականութեան եւ աղքատախնամ կազմերուն, ինչպէս նաեւ սուֆրաթ ալ մահապէի յանձնախումբին, ուղղուեցաւ Գամիշլիի Հայ Ծերանոցը, ուր հայր սուրբը շնորհաւորեց տարեցները Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, մաղթելով իրենց առողջ եւ բարեբեր տարի։
Աւարտին Ծերանոցի մամիկներն ու պապիկները ստացան այս առիթով պատրաստուած յատուկ նուէրներ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին հոգեշնորհ հայր սուրբին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան,
իրենց ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնելով։ Յիշենք որ հոգեշնորհ հայր սուրբը մօտէն կը հետեւի ծերանոցի ընթացքին եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն