Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով։
Օրուան խորհուրդն ու յաւուր պատշաճի քարոզը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, որ նախ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետին իրեն շնորհած վարդապետական աստիճանին առիթով, ապա Ճեզիրէի հայութեան, թաղականութեան եւ ազգային մարմիններուն անունով շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը եւ Բերիոյ Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանը Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով։ Այնուհետեւ հայր սուրբը անդրադարձաւ մեր փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան խորիմաստ նշանակութեան ըսելով. «Այսօր բոլորս հոգեւոր երջանկութիւնը ունինք Աստուածային օրհնութեան արժանանալու կենարար այս Աւետիսով։ Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ։ Մեզի, ձեզի մեծ աւետիս։ Տիրոջ Ծննդեան աւետիսը մեր փրկութեան գրաւականն է։ Քրիստոս ծնաւ Սուրբ կոյս Մարիամէն, փոքր մսուրի մը մէջ, հրաշք ծնունդով, որմէ սկսաւ մարդկութեան նոր կեանք մը, որ կը թելադրէ հրաժարիլ մեղքերէ, չարիքներէ եւ ապրիլ Աստուածայայտ կամքով, Աստուծոյ շնորհքով ու ողորմածութեամբ։ Քրիստոս ծնաւ փոքր մսուրի մը մէջ, մարդկութեան սորվեցներու համեստութիւնն ու խոնարհութիւնը, որպէսզի ան հեռանայ գորոզութենէ եւ հպարտութենէ»։
Յընթացս պատարագին տեղի ունեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող Ջրօրհնէքը, խաչքաւորութեամբ փոքրիկն Սերժ Սագօ Կարապետեանի։
Պատարագի աւարտին օրհնուած ջուրը բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին, ապա հոգեշնորհ հայր սուրբը թաղականութեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն