Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան երախտագիտական այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համուտէ Սապպաղին՝ ի Դամասկոս։
Հանդիպումին Խորհրդարանի նախագահը ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանը 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան Կայսրութեան իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը դատապարտելու եւ հաստատելու միաձայն որոշումով, իր լիակատար զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին: Նախագահը դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ ժողովուրդը եւս նման ոճիրներու ենթարկուեցաւ.” Սուրիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ընդունումը երկու հիմք ունի։ Առաջին՝ մենք եւս նոյն յանցագործին կողմէ ենթարկուած ենք դաժան ահաբեկչութեան, եւ երկրորդ՝ Սուրիան ապահով ապաստարանը եղած է թրքական օսմանեան վայրագութենէն մազապուրծ հայութեան»:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ հայութիւնը սուրիական ընկերութեան կարեւոր մասն է եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունի վերաշինութեան եւ վերականգնումի գործընթացին մէջ, համագործակցաբար Սուրիոյ տեղացի ժողովուրդին եւ բարձր հովանաւորութեամբ երկրիս վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին։
Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան խօսք առնելով համայնքի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահին եւ խորհրդարանի անդամներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման եւ յանուն ճշմարտութեան իրենց ունեցած պատմական, բարոյական եւ քաղաքակիրթ մօտեցումին համար:
Համայնքապետ Վերապատուելին յայտնեց, որ այս փուլը առանցքը պիտի հանդիսանայ մեր պահանջատիրութեան եւ իրաւունքներու ամբողջական տիրացման։ Վերապատուելին համայնքի զաւակներուն սէրն ու հաւատարմութիւնը յայտնեց երկրիս վսեմաշուք նախագահ Պաշշար ալ Ասատին ՝ իր ազգային դիրքորոշումներուն, յանդգնութեան եւ Սուրիոյ ամբողջ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ սուրիահայերուն հանդէպ ունեցած հոգածութեան համար: Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ դոկտոր Նորա Արիասեան, դոկտոր Մուհամմատ Զահիր ալ Եուսֆի եւ Ալան Պաքր։