24_28 Փետրուարին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ պիտի գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողով, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդին կազմակերպութեամբ։

Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն մօտաւորապէս 50 ներկայացուցիչներ։
Համաժողովի օրակարգը պիտի ընդգրկէ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներու բոլոր ոլորտները՝ Արցախի հիմնահարցէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, հատուցումներ, Թուրքիա-Ատրպէյճան հակահայ պայքար, եւ այլն։ Պիտի քննարկուին նախորդ շրջանի աշխատանքները եւ ապագայի անմիջական ծրագիրները։

24 Փետրուարին, Երևանի մէջ խորհրդաժողովի բացումը տեղի պիտի ունենայ։

25 Փետրուարին, խորհրդաժողովը պիտի շարունակուի Ստեփանակերտի, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճէն ներս։