«Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրը կրելու կասկածով մեկուսացուած է աւելի քան 300 մարդ:
«Այս պահուն մեր հայրենակիցներէն աւելի քան 300-ը մեկուսացուած է, 300 քաղաքացի եւս մեկուսացնելու համար տարածքներ պատրաստած ենք: Մենք քննարկեցինք եւ որոշեցինք, որ առայժմ մեկուսացման քաղաքականութիւնը պէտք է շարունակել», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:
Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներու հաստատուած թիւը հասած է 30-ի: Իսկ ժահրով վարակումի հաստատուած առաջին դէպքը գրանցուած էր 1 Մարտին: Քաղաքացին Հայաստան եկած էր Իրանէն: Ան արդէն ապաքինուած է:
ՀՀ կառավարութիւնը 16 Մարտին, ժամը 15:00-ին պիտի քննարկէ Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու հարցը: