«Արցախփրէս».- Անցնող շաբաթ օրը Իրանի մէջ վարակի զոհ դարձած է 113 անհատ: Մահերը գրանցուած են 24 ժամուան ընթացքին:
Այժմ Իրանի մէջ պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով մահացածներու թիւը հասած է 724-ի, իսկ ախտահարուածներունը՝ 13 938-ի:

Համաճարակի մասին Չինաստանի իշխանութիւնները Աշխարհի Համաշխարհային Կեդրոնին յայտնած էին 31 Դեկտեմբերին: Յայտնի է, որ ժահրը տարածուած է Հուպէյ նահանգի Ուհան քաղաքէն: Չինաստանի սահմաններէն դուրս վարակներուն մեծ մասը յայտնաբերուած է Հարաւային Քորէայի, Իրանի եւ Իտալիոյ մէջ: Ընդհանուր առումով, վարակի դէպքեր հաստատուած են աւելի քան 110 երկրի մէջ:
Ամբողջ աշխարհի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը անցած է 153 000-ը, մահուան դէպքերը` 5700-ը: