Պսակաձեւ ժահրի ներթափանցումը կանխելու նպատակով, նախագահ Բ. Սահակեանի յանձնարարութեամբ ստեղծուած է համաճարակի կանխարգիլման միջգերատեսչական յանձնաժողով, որուն աշխատանքները կը համակարգէ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան: Պարբերական բնոյթ կը կրեն Բակօ Սահակեանի կողմէն` շարք մը նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու պատասխանատուներու մասնակցութեամբ հրաւիրուած ընդլայնուած խորհրդակցութիւնները, որոնց ընթացքին կը քննարկուին եւ կը պարզաբանուին կանխարգիլման առաջնահերթութիւնները, տրուելով որոշ յանձնարարութիւններ:
Յատկանշական է, որ ԱՀ եւ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւններուն միջեւ կը գործէ հաղորդակցութիւն: Արցախէն պարբերաբար խումբեր կը գործուղուին հայաստանեան գործընկեր կառոյց` ախտորոշելու եւ համապատասխան նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու, վերջին նորութիւններուն ծանօթանալու, կանխարգելիչ նոր ձեւերու մասին տեղեկութիւններ եւ անհրաժեշտ նիւթեր ստանալու նպատակով: Երկու նախարարութիւններուն միջեւ եղած պայմանաւորուածութեան համաձայն, Արցախէն ղրկուած փորձանմուշներուն պատասխանները անմիջապէս կը հրապարակուին: Առողջապահութեան նախարարը հանրութեան տեղեկացուցած է ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու արդիւնքներուն մասին: Առայսօր Արցախէն աւելի քան 7 տասնեակ փորձանմուշ ղրկուած է Երեւան: Բարեբախտաբար, բոլոր պատասխանները բացասական եղած են: Մինչեւ 16 Մարտ հանրապետութեան մէջ վարակի դէպք չէ յայտնաբերուած: