“Արմէնփրէս”.- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի ուղիղ սփռումով հաղորդած է, որ Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրէն վարակուած առաջին հիւանդը առողջացած է եւ հիւանդանոցէն ելած է։
«Ան 14 օր հիւանդանոց մնալով որեւէ բուժում չէ ընդունած, որեւէ դեղ չէ առած։ 14 օր մեկուսացած է, ինքնաբուժուած եւ դուրս ելած է հիւանդանոցէն ու վերադարձած է տուն», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։