16 Մարտին արտակարգ դրութեան պայմաններով ՀՀ կառավարութիւնը յայտարարած է պարետատուն ստեղծելու մասին: Յայտնի է, որ արտակարգ իրավիճակին առաւել կը սրուի բնակչութեան պարէնով ապահովման հարցը: Եթէ սովորական պայմաններուն երկիրները կրնան ներմուծելով ապահովել բնակչութեան անհրաժեշտ ապրանքները, ապա պատերազմի եւ համաճարակներու պարագային ի յայտ կու գան բեռներու եւ մարդոց շարժումի սահմանափակումներ: Ներկայիս պսակաձեւ ժահրին պատճառով արտակարգ դրութեան պայմաններուն ՀՀ կառավարութեան օրակարգային հարց պէտք է դառնայ նաեւ երկրի պարենային ինքնաբաւութիւնը:
Իւրաքանչիւր երկրի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի պարենային ինքնաբաւութիւնը, որ ցոյց կու տայ երկրին` տուեալ ապրանքին նկատմամբ պահանջքի բաւարաութեան աստիճանը սեփական միջոցներու հաշւոյն:
Թէեւ ներկայիս ապրանքներու արտահանման եւ ներմուծման սահմանափակումներ չկան, սակայն անհրաժեշտ ապրանքներ արտադրող երկիրները առաջնահերթօրէն կը ծրագրեն ապահովել իրենց բնակիչներուն, եւ մեծ է հաւանականութիւնը, որ գործեն արտահանման սահմանափակումներ կամ բեռնափոխադրման ընթացքին լուրջ խնդիրներ ի յայտ գան:
Ցաւօք, պէտք է արձանագրել, որ պարենային անվտանգութեան հարցը օրակարգային չէ եղած թէ՛ նախորդ, թէ՛ այս իշխանութիւններուն կողմէն, երբ Հայաստանը ունի երկու փակ սահման եւ չաւարտած պատերազմ: Միացեալ Հայաստանը, ընդգրկելով 42000 քառ.կմ, ունի չօգտագործուած տարածքներ, որոնք կարելի էր օգտագործել եւ որոշ չափով լուծել մեր պարենային ինքնաբաւութեան հարցը. սա մեծ կարելիութիւն է, որմէ չենք օգտուած:
ՀՀ վիճակագրական կոմիտէի տուեալներուն համաձայն` Հայաստանը պարենային ինքնաբաւութեան լուրջ հարց ունի հետեւեալ ապրանքներու` ցորեն, տարեկան, եգիպտացորեն, բրինձ, ոսպ, բուսական իւղ, խոզի միս եւ թռչունի միս: ՀՀ կառավարութիւնը առաջնահերթօրէն պէտք է գնահատէ այս ապրանքներու առկայ պաշարները եւ պետական-յատուկ գործակցութեամբ ապահովէ լրացուցիչ ներմուծում: Միաժամանակ այս ապրանքներուն արտադրութիւնը խրախուսելու նպատակով նոր գիւղատնտեսական ծրագիրներ պէտք է մշակուին եւ կեանքի կոչուին:

ՀՅԴ Բիւրոյի Տնտեսական Հետազօտութիւններու
Գրասենեակի պատասխանատու,
տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեան