ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութիւնը, նկատի առնելով պսակաձեւ ժահրի կանխարգիլման անհրաժեշտութիւնը եւ մեկնելով ստեղծուած իրավիճակէն, հանրակրթական դպրոցներուն մէջ ուսումնական գործընթացը առցանց կազմակերպելու նպատակով կը գործարկէ հեռավար կրթութեան հարթակ:

Հարթակը մշակուած է ԿԳՄՍՆ Կրթական արհեստագիտութիւններու ազգային կեդրոնին մէջ եւ արդէն հասանելի է:

ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Ժաննա Անդրէասեան ըսած է, որ անհրաժեշտ է ծրագրաւորել ուսումնական գործընթացի կազմակերպման աշխատանքները` առկայ այլընտրանքներու ու կարելիութիւններու համատեղումով: Այս տարի նախարարութիւնը երկու դպրոցի մէջ փորձարկած է հեռավար կրթութեան ներդրման հնարաւորութիւնը, եւ այժմ գործընթացին մէջ պիտի ներգրաւուին բոլոր դպրոցները:

«Հեռավար կրթութեան կազմակերպման համար մենք ունինք բաւական թիւով հայալեզու առցանց աղբիւրներ եւ գործիքներ: Կան հեռավար կրթութեան կազմակերպման ոլորտին մէջ յաջողած փորձ ունեցող դպրոցներ, որոնց մենք խնդրած ենք բաժնեկցիլ իրենց փորձով, ինչպէս նաեւ համախմբել ոլորտին մէջ առկայ ներուժը, որպէսզի հեռավար կրթութիւնը կազմակերպուի արդիւնաւէտ եւ բաց ու հասանելի ըլլայ բոլորին”, նշած է Անդրէասեան:

Նախարարի տեղակալին խօսքով` անցած երկու օրերուն Կրթական արհեստագիտութիւններու ազգային կեդրոնին մէջ կատարուած է նախապատրաստական աշխատանք, եւ արդէն իսկ գործարկուած է հեռավար կրթութեան համալիր էջը, ուր կը նախատեսուի համակարգուած ներկայացնել հանրապետութեան բոլոր դպրոցներու ցանկը` ըստ առարկայական ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն։

Կրթական արհեստագիտութիւններու ազգային կեդրոնի ստեղծած միասնական հարթակին մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ բոլոր այն կազմակերպութիւններու հեռավար կրթութեան հարթակները, որոնք պատրաստակամ են համագործակցելու նախարարութեան հետ` տրամադրելով իրենց աղբիւրներն ու հմտութիւնները:

Յառաջիկային բոլոր դպրոցներուն պիտի տրամադրուին ՏՀՏ վերապատրաստում անցած խորհրդատու-ուսուցիչներու տուեալներ: Վերջիններս պիտի իրականացնեն առցանց վերապատրաստում եւ պիտի ապահովեն ճարտարագիտական աջակցութիւն եւ ուղղորդում ուսուցիչներուն համար: