Կիրակի, 15 Մարտ 2020-ին, տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը հաստատած է, որ Սուրիոյ մէջ ցարդ պսակաձեւ ժահրով վարակուած ոչ մէկ պարագայ գրանցուած է:

Ռուսական RT կայքին համաձայն, Ժընեւի մէջ կազմակերպութեան մամլոյ խօսնակը այսօր յետմիջօրէին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատած է. «Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահր կրող ոչ մէկ պարագայ գրանցուած է»:

Աւելցնենք, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը անցնող օրերուն նախազգուշական շարք մը քայլերու ձեռնարկեց՝ կանխելու պսակաձեւ ժահրին տարածումը: Փակուեցան մասնաւոր եւ ընդհանուր հատուածներու համալսարանները, դպրոցներն ու ուսումնարանները, ինչպէս նաեւ հանրային վայրերն ու հաստատութիւնները, մինչեւ 2 Ապրիլ 2020: Տեղի ունեցաւ նաեւ հանրակացարաններու, օդակայաններու, փոխադրամիջոցներու հականեխումը, իսկ ընդհանուր հատուածի վարչական պաշտօնէութեան ներկայութեան թիւը նուազագոյնի՝ 40 առ հարիւրի իջաւ: