“Ապառաժ”._15 Մարտին, Մարտակերտի շրջանի Դրմբոնի գիւղական համայնքի ընտրողներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումին Դաշնակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ Արցախի մէջ աշխատավարձերու եւ կենսաթոշակներու չափերը պայմանաւորուած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սահմանուած գործակիցներով, որովհետեւ հայկական զոյգ պետութիւնները ֆինանսատնտեսական միասնական դաշտէն ներս կը գործեն: Ուստի անիրատեսական են այն խոստումները, որոնք կը վերաբերին աշխատավարձերու եւ կենսաթոշակներու բարձրացման:
Անոր խօսքին համաձայն, այդուհանդերձ, առկայ տնտեսական եկամուտերով՝ արդարացի վերաբաշխման ու յաւելավճարումներու միջոցով կարելի է Արցախի մէջ աշխատավարձերն ու կենսաթոշակները մօտեցնել նուազագոյն սպառողական զամբիւղի շեմին:

Ըստ Դ. Իշխանեանի, Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրով աշխատավարձերու եւ կենսաթոշակներու յաւելավճարումներու համար նախատեսուող՝ անհրաժեշտ տնտեսական միջոցները կարելի է ձեռքբերել պետական կառավարման համակարգի կառուցուածքային բարեփոխումներու շնորհիւ՝ միաժամանակ սկզբունքայնութիւն ցուցաբերելով արդարացի ու համաչափ վերաբաշխման գործընթացին։
Նախագահի թեկնածուն նկատած է, որ մէկ հոգիի հաշւոյն Ստեփանակերտի եւ Շուշիի պետութեան կողմէն յատկացուող տնտեսական միջոցներու համեմատ՝ հանրապետութեան միւս բնակավայրերու մէջ պետական ներդրումները կը զիջեն շատ յաճախ կրկնակի, շարք մը պարագաներուն՝ մէկ հոգիի հաշւոյն սահմանուած միջին ցուցանիշով: Հարցի լուծումը Դաշնակցութիւնը արցախեան բնակավայրերու զարգացման նպատակաուղղուած տնտեսական յատկացումներու համաչափութեան պահպանման մէջ կը գտնէ:

Դաշնակցութեան թեկնածուներուն հետ հանդիպումին Գետաւանի ընտրողները արտայայտեցին, որ լուրեր կը շրջանառուին առ այն, որ ներկայիս ՀՅԴ-ն իր արցախեան ծրագիրներու հետագայ ճակատագիրը պայմանաւորուած է համապետական ընտրութիւններու արդիւնքով: Հերքելով այդ տեղեկութիւնները, նախագահի թեկնածու Դ. Իշխանեան դիտել տուած է, որ անկախ քաղաքական հանգամանգերուն, Արցախի հետ կապուած ծրագիրները՝ եղած են եւ կը մնան ՀՅԴ առաջնահերթութիւններու շարքին: Ընտրութիւնները ընդամէնը միջոց են կուսակցութեան համահայկական հնարաւորութիւններն ու ներուժը առաւել ընդգրկուն ծաւալով ու արդիւնաւէտօրէն ծառայեցնելու համար Արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման գործին եւ Արցախի պետականութեան ամրապնդման:
Գետաւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն յետոյ, նախագահի թեկնածու Դ. Իշխանեան եւ պատգամաւորի թեկնածուներ՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Արմինէ Յարութիւնեան եւ Ալիկ Սարգսեան, ընդառաջելով մարտական հերթապահութեան ընթացքին վիրաւորուած նախկին պայմանագարային զինծառայողի՝ իրենց հետ հանդիպելու ցանկութիւնը, այցելած եւ հետաքրքուած են անոր առողջական ու ընկերային հարցերով:
Աւելցնենք նաեւ, որ օրուան ընթացքին Դաշնակցութեան թեկնածուները հանդիպումներ ունեցած են եւ նախընտրական ծրագիրը ներկայացուցած են՝ Մարտակերտի շրջանի Կոճողոտ, Վերին Հոռաթաղ, Հարգոմեր, Չափար եւ Պողոսագոմեր համայնքերէն ներս: Բոլոր գիւղական բնակավայրերուն մէջ, հանդիպումներէն առաջ, թեկնածուները նախ ծաղիկներ զետեղսծ են Արցախեան գոյամարտին նահատակուած ազատամարտիկներու յուշակոթողներուն առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած են անոնց յիշատակին: