Ուրբաթ, 27 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ապու Զապի էմիրութեան գահաժառանգ Մուհամէտ պըն Զայէտ ալ Նահեան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ, ուր շեշտեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զօրակցութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին, յայտնելով, որ Սուրիան առանձին պիտի չդիմագրաւէ պսակաձեւ ժահրին պատճառով ստեղծուած ծանր իրավիճակը։