ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին երրորդ թիւը լոյս տեսած է: Պաշտօնաթերթի առաջնորդող յօդուածով Վաչէ Բրուտեան անդրադարձած է անցեալ Փետրուարին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին: Լուսարձակի տակ առնելով խորհրդաժողովի քննարկած հարցերը Վաչէ Բրուտեանը համառօտ կերպով կը ներկայացնէ կարեւոր ազգային առաջնահերթութիւնները, որոնց լուծման ուղղութեամբ ամէնօրեայ ջանքեր կը թափեն Հայ Դատի աշխարհասփիւռ կառոյցները:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Արցախի ընտրութիւններուն ՀՅԴ նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանին հետ հարցազրոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է անցեալ նախընտրական ժամանակահատուածին, ներկայացուած են գործունէութիւնները, որոնք կազմած են ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրներուն հիմքը: Դրօշակի հերթական թիւի էջերուն մէջ կարելի է նաեւ գտնել Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան, Հայաստանի մէջ կանանց իրաւունքներու հարցերուն նուիրուած հրապարակագրական յօդուածներ, գաղափարական ուղղուածութեամբ նիւթեր:
«Տարածաշրջանային» եւ «Աշխարհաքաղաքական» խորագիրներուն տակ կարելի է մեկնաբանութիւններ գտնել Հայաստանի հանդէպ ԱՄՆ-ին որդեգրած քաղաքականութեան, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի քաղաքական անփառունակ վարքին, Հայութեան հետաքրքրութիւններուն տեսանկիւնով Եգիպտոսի անցեալին ու ներկային մասին:
Անշո՛ւշտ մոռցուած չեն նաեւ պատմական դէպքերը։ Ընթերցողին համար հետաքրքրական կրնայ կ’ըլլալ նորայայտ իրողութիւններուն լոյսին տակ եւս մէկ անգամ հայեացք նետել 16 Մարտ 1921-ին կնքուած Ռուս-թրքական հակահայ պայմանագիրի դրոյթներուն:
«Դրօշակ»ի թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէով:
Ներբեռնել համարը դրօշակ թիւ 3 2020թ