Ինչպէս Սուրիոյ պատերազմի ինը տարիներուն, այնպէս ալ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով ստեղծուած կացութեան մէջ, Հալէպի ազգային կեդրոններու հսկողութիւնը ստանձնող ակումբի տղաքը կը շարունակեն ազգային կեդրոններու հսկողութիւնն ու ժողովուրդին ծառայութիւնը։

Արտակարգ իրավիճակներու, առողջական հարցերու կամ այլ դժուարութիւններու մէջ յայտնուող մեր ժողովուրդի զաւակները շտապ օգնութեան կարիք ունենալու պարագային կրնան հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն, ակումբի տղաքը 24 ժամուան դրութեամբ պատրաստ են օգնութիւն ցուցաբերելու ժողովուրդին.-

Արամ Մանուկեան Ժող. Տուն, Վիլլաներ.- 021 4641881

«Տիգրանեան» սրահ, Նոր Գիւղ.- 021 4443999