Մինչ Չինաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն թիւը կը նուազի, այլ երկիրներու մէջ կը բարձրանան վարակուողներու եւ մահացողներու թիւերը: Փեքինի Ազգային Առողջապահութեան Յանձնախումբը յայտնեց, որ Չինաստանի ցամաքային բաժինի տեղացիներուն մէջ ոչ մէկ վարակուող նոր պարագայ արձանագրուած է, սակայն Հոպի շրջանին մէջ այլ երկիրներէ ժամանած 44 կասկածեալ պարագաներ ի յայտ եկած են:
Չինաստանի ցամաքային բաժինին մէջ ժահրի յայտնաբերման սկիզբէն վարակուողներուն թիւը հասած էր 81.518-ի, որոնցմէ 2.161-ը հիւանդանոցներէն ներս բուժում կը ստանայ, 76.052-ը բուժուած եւ դուրս եկած է հիւանդանոցներէն, իսկ 3.305-ը՝ մահացած:
Սպանիոյ մէջ, Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ պսակաձեւ ժահրով 849 մահ եւս արձանագրուած է:Մահացողներու ընդհ. թիւը հասած է 8.189-ի, իսկ վարակուողներուն թիւը՝ 94.417-ի:
Իրանի մէջ Առողջապահութեան Նախարարութեան բանբեր Քիանուշ Ճահանպուր յայտնած է, որ Երկուշաբթի, 30 Մարտ 2020-ին, 24 ժամուան ընթացքին՛ վարակուողներուն թիւը հասած է 3.111-ի, իսկ մինչեւ այդ օրը ընդհանուր թիւը՝ 44.606-ի, մահացածներունը՝ 2.898-ի:
Ռուսիոյ մէջ, Երկուշաբթի, 30 Մարտ 2020-ին, 24 ժամուան ընթացքին պսակաձեւ ժահրով 500 վարակուող պարագաներ եւ 8 մահացողներ արձանագրուած են: Վարակուողներու ընդհանուր թիւը հասած է 2.337, իսկ մահացողներունը՝ 17-ի:
Գերմանիոյ մէջ 61.913 վարակուող եւ 583 մահ արձանագրուած է: Հարաւային Քորիայի մէջ՝ 9.786 վարակուող եւ 162 մահ: