Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2020-ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք սկսան առաւօտեան ժամը 8:00-ին, երբ բացուեցան 282 ընտրական տեղամասեր, որոնցմէ մէկը կը գտնուի Երեւանի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, այլ տեղամաս մըն ալ հաստատուեցաւ Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ: Ժամը 20:00-ին ընտրական կեդրոնները փակուեցան:

Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբին կողմէ տրամադրուած տուեալներուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան ընտրողներուն թիւը կը կազմէ 105.251: Ընտրութիւններուն մասնակցած է 76.471 ընտրող (ընդհանուր թիւին 72,7 առ հարիւրը): Գործեցին 8 ընտրական յանձնախումբեր` Ստեփանակերտի եւ Արցախի 7 շրջաններուն մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի համապետական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու եւ ընտրութիւններուն ընթացքը լուսաբանելու համար Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբին մօտ հաւատարմագրուած էր 963 դիտորդ եւ լրատուամիջոցներու 231 ներկայացուցիչ:

Արցախի նախագահական պաշտօնին համար կը պայքարէին 14 թեկնածուներ` Քրիստին Բալայեան, Վիթալի Բալասանեան, Սերկէյ Ամիրեան, Դաւիթ Բաբայեան, Բելա Լալայեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Հայկ Խանումեան, Դաւիթ Իշխանեան, Վահան Բադասեան, Մասիս Մայիլեան, Աշոտ Ղուլեան, Ռուսլան Իսրայէլեան, Աշոտ Դադայեան եւ Մելսիկ Պօղոսեան:

Ազգային ժողովին համար ընտրութիւններուն կը մասնակցին 12 քաղաքական ուժեր` Ազգային Վերածնունդ Կուսակցութիւն, Միասնական Հայրենիք Կուսակցութիւն, Անկախութեան Սերունդ Կուսակցութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Արցախի Յեղափոխական Կուսակցութիւն, Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ Կուսակցութիւններու Դաշինք, Արցախի Արդարութիւն Կուսակցութիւն, Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն, Միացեալ Հայաստան Կուսակցութիւն, Արցախի Պահպանողական Կուսակցութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի Համայնավար Կուսակցութիւն եւ Նոր Արցախ Կուսակցութիւններու Դաշինք:

Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի նախագահ Սրբուհի Արզումանեանի համաձայն, ընտրական տեղամասերուն մէջ սկսած են քուէաթերթիկներու հաշուարկը: Նախնական արդիւնքները յայտնի կ’ըլլան մինչեւ 1 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

Երէկ կէս գիշերուան նախնական տուեալներուն համաձայն, Արայիկ Յարութիւնեան յառաջատար էր նախագահական ընտրութիւններուն: