«ԵրկիրՄետիա».- Հայաստանի ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովը յայտարարած է, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ն 6-12 տարեկան երեխաները կը հրաւիրէ մասնակցելու նկարչական մրցումի:
Մինչեւ 17 Մայիս երեխաները պէտք է գծեն ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած մշակութային որեւէ վայր, որ անոնց համար կարեւոր է: Երեխաները կրնան գծել Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած ոչ միա՛յն իրենց երկրի, այլ նաեւ այլ երկրի մշակութային վայրեր: ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կայքէջին մէջ ուսումնասիրութեան համար հասանելի են համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած մշակութային վայրերը:
Մրցոյթին մասնակցած եւ քանի մը չափանիշներով (ստեղծագործական մօտեցում, նորարարութիւն, բազմազանութիւն) ընտրուած նկարներու հաւաքածուն պիտի ցուցադրուի ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կայքէջին վրայ:
Նկարները կրնան հրապարակուիլ մասնակիցի ծնողքին կամ խնամակալին համաձայնութեամբ եւ պէտք է տարածուին վերջիններուս Instagram-ի էջին միջոցով` մասնակցող երեխայի անունով: Հրապարկումներու հասանելիութիւնը պէտք է ըլլայ «հանրային» (Public), որպէսզի անոնք տեսանելի ըլլան ԻՒՆԵՍՔՕ-ի համար:
Ինչպէս մասնակցիլ.
1 – Հետեւել («Follow») ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Instagram-եան էջին,
2 – Հաւնիլ («Like») ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Փոքրիկ նկարիչներու ցուցահանդէսի մասին գրառումը,
3 – Instagram-ով հրապարակել մշակութային վայրին նկարը եւ կարճ նկարագիրը ներառելով նկարիչի անունը, տարիքը եւ երկիրը օգտագործելով #ShareOurHeritage հեշթեկը եւ նշելով @unesco էջը:
4 – Instagram-ի պատմութիւն (Instagram story) բաժինով բաժնեկցիլ ԻՒՆԵՍԿՔՕ-ի Փոքրիկ նկարիչներու ցուցահանդէսի մասին գրառումը` #ShareOurHeritage հեշթեկով եւ նշել @unesco էջը: