Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանեց թրքական կողմին յայտարարութիւնը, թէ Պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարի շրջագիծէն ներս Հայաստան օգնութիւն խնդրած է Թուրքիայէն, եւ վերջինս պատրաստ է տրամադրել այդ օգնութիւնը: Միաժամանակ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը իր մօտ հրաւիրած է Թուրքիոյ մէջ Չինաստանի դեսպանը` Հայաստանին տրամադրուած օգնութեան արկղերուն վրայ գրառման առնչութեամբ պարզաբանում տալու համար:

Նաղդալեան դիտել տուաւ, որ նախարարութիւնը արդէն նշած էր, թէ Հայաստանի կողմէ շարունակական ջանքերու կը ձեռնարկուին այսօր դժուար կացութեան մէջ յայտնուած Հայաստանի քաղաքացիները հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ` յատկապէս այն երկիրներէն, ուր լայն տարածում գտած է այս համավարակը: «Այս ծիրին մէջ պէտք է նշել, որ արդէն իսկ ուրբաթ օր Հայաստան տեղափոխուած են Թուրքիա գտնուող եւ վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած 73 քաղաքացիներ. այս առումով Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  պաշտօնական մարմինները համագործակցած են թրքական եւ վրացական համապատասխան մարմիններուն հետ: Թրքական կողմին հետ գործակցութիւնը սահմանափակուած է միայն այս շրջանակով, եւ Հայաստանը չէ դիմած այս ծիրէն  դուրս որեւէ այլ աջակցութեան խնդրանքով», յայտնեց բանբերը:

Աննա Նաղդալեան հաստատեց, որ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող Հայաստանի ցամաքային շրջափակման, դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները էականօրէն սահմանափակ են եւ կը պահանջեն իրական բարի կամք ու վստահութեան ստեղծում: «Յատկապէս ափսոսանքի արժանի է երրորդ երկրի մը կողմէ Հայաստանին տրամադրուող աջակցութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ազգային խորհրդանիշներու  հանդէպ անյարգալից վերաբերմունքն ու անտեղի քաղաքականացումը», յայտնեց Նաղդալեան: