«Ապառաժ».-15 Ապրիլին Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեան նուիրատուութեան կարգով «Շուշիի շրջանային բուժմիաւորում» ՓԲԸ-ի գործադիր տնօրէն Վիգէն Խաչատրեանին բուժաշխատողներուն համար նախատեսուած 100 բժշկական արտահագուստ յանձնուած է:
Կարեւորելով ՀՕՄ-ի նախաձեռնութիւնը, Շուշիի բուժմիաւորման գործադիր տնօրէն Վ․ Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնած է աջակցութեան համար: ՀՕՄ-ի Արցախի Միաւորի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ նախաձեռնութեան նպատակը`կարելիութեան սահմաններով պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման գործին աջակցութիւն ցուցաբերելն է: Ապառաժի զրուցակիցին հաղորդումով` Առողջապահութեան Նախարարութեան հետ խորհրդակցութեամբ, ըստ անհրաժեշտութեան որոշուած է բժշկական հագուստներ պատուիրել ու նուիրաբերել բուժհաստատութիւններուն: