«Երկիր».-Պսակաձեւ ժահրի համավարակին դէմ պայքարի նախաձեռնութիւններու շարքին, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական, Հայաստանի երիտասարդական միութիւններու եւ ՀՅԴ Հայաստանի մարզային կառոյցներու կողմէն այս օրերուն կ’իրագործուի ընկերային աջակցութեան ծրագիր, որուն հիման վրայ ՀՀ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ շարք մը գիւղերու ընտանիքներուն տրամադրուած է մեծաքանակ պարենամթերք, մաքրութեան, ախտահանիչ եւ այլ պարագաներ:
Ծրագիրը կ՛իրականանայ փուլային եղանակով, հետեւաբար 16 Ապրիլին ընկերային աջակցութիւն պիտի ստանան նաեւ Վայոց Ձոր բնակող ընտանիքները:
ՀՅԴ միութիւններն ու կառոյցները իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնեն բոլոր բարերարներուն` ԱՄՆ-ի Նոր Ջուղայի «Զարթօնք» Միութեան, հայրենիքի մէջ ապրող հայրենակիցներուն՝ դժուարին այս օրերուն բնակչութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելուն համար: