ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու աւարտին մասին յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ յիշուած է. «Մենք կը շնորհաւորենք Արցախի ժողովուրդը, իշխանութիւններն ու քաղաքական ուժերը, որոնց միատեղ ջանքերուն շնորհիւ 14 Ապրիլին յաջողութեամբ աւարտեցաւ Արցախի համապետական ընտրութիւններուն գործընթացը: Ժողովրդավարական եւ մրցակցային գործընթացի հետեւանքով Արցախի ժողովուրդը ընտրեց իր նոր նախագահը եւ խորհրդարանի անդամները:
Արցախի նոր իշխանութիւններու ձեւաւորումը կարեւոր նշանակութիւն ունի Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու իւրացման, Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման եւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին արդիւնաւէտ զարգացման համար:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի խաղաղ գործընթացով Արցախի ժողովրդը ներկայացնող իշխանութիւններուն հետ եւ հետեւողականօրէն կը պաշտպանէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը` առանց որեւէ սահմափակման:
Վստահ ենք, որ Արցախի նորընտիր իշխանութիւնները յատուկ պատասխանատուութեամբ կը ստանձնեն բանակցային գործընթացին մէջ իրենց առանցքային դերակատարումը»: