ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի համոզումով` 24 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր կուսակցութիւններէն` թէկուզ մէկ-երկու ներկայացուցիչներու մուտքը արգիլելը իշխանութիւններու կողմէն հերթական մտածուած քայլ չէր:

Aravot.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ան ըսաւ, որ իրենց համար անհասկնալի էր իշխանութիւններու այդ պահուածքը, որոշումը ու շարունակեց. «Եթէ փակ էր, ուրեմն պէտք է փակ ըլլար բոլորին համար: Բայց մենք տեսանք, որ ՀՀ վարչապետէն, նախագահէն եւ Վեհափառէն բացի նաեւ այլ անձեր  Ծիծեռնակաբերդ գացին,  ինչ որ  սխալ էր: Անհրաժեշտ էր կուսակցութիւններէն գոնէ մէկ-երկու ներկայացուցիչի այդ առիթը տալ»:

Երբ հարց տրուեցաւ, թէ մինչեւ այդ որոշումը, կուսակցութիւնը որեւէ քննարկում ունեցա՞ծ է կառավարութեան հետ, Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանեց. «Մեզի հետ քննարկում չէ կատարուած: ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը, գիտէք, որ արդէն 20 տարիէ ի վեր աւանդական ջահերով երթ կը կազմակերպէ: Մենք այդ խորհուրդը պահելու, բայց ոչ մեծ թիւով մարդոց հետ նախաձեռնութիւն ունէինք 23 Ապրիլի երեկոյեան, որ դարձեալ չեղեալ համարուեցաւ, որովհետեւ այդ առիթը չտրուեցաւ եւ պարէտատունը չարձագանգեց: Մենք պարէտատան հետ կապ հաստատել փորձեցինք, որ թոյլ տան` 20 հոգիով նախաձեռնութիւն տեղի ունենայ` պահպանելով արտակարգ դրութեան պայմանները, բայց արձագանք չեղաւ»:

Իշխան Սաղաթէլեան տեղեկացուց, որ  ՀՅԴ ներկայացուցիչները այցելած են Պանթէոն` յարգելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ յիշեցուց. «Մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրի կառուցումը մարդիկ իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցէին Պանթէոնի մէջ, եւ Կոմիտասի յուշարձանի մօտ մենք այդ ծաղկեպսակի արարողութիւնը իրականացուցինք: Ոչ մէկ բան  կը խանգարէր, որ մենք այդ նոյնը ընէինք շատ փոքր խումբով` Ծիծեռնակաբերդի մէջ»:

Հարցումին, թէ նկատի առած, թէ  ո՛ր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն թոյլ չտրուեցաւ ներկայ ըլլալ Ծիծեռնակաբերդի մէջ, այդ մէկը կը համարուի արարողակարգային բացթողու՞մ, թէ՞ միտումնաւոր կատարուած քայլ, Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանեց. «Շարք մը արժեւորումներ կարելի է ընել` սկսեալ, որ չկանխամտածուած, չմտածուած քայլ էր, նաեւ, որ դիտաւորեալ, բայց որովհետեւ պաշտօնական արձագանք չկայ, վերջնական ձեւակերպում չենք կրնար տալ: Մէկ բան  ակնյայտ է, որ իրենց կողմէ այդ երեւոյթը տգեղ էր: Կը կարծեմ կառավարութիւնը պէտք է պարզաբանումով հանդէս գայ այս հարցին առնչութեամբ»:

Ըստ անոր` այս քայլը յարիր չէ խորհրդարանական կառավարման երկրի մը եւ անընդունելի է: Այնուհետեւ եզրափակեց. «Սա  դարձեալ մէկ կեցուածք եւ վերաբերմունք է, թէ ինչպէս  իշխանութիւնները կը վերաբերին ընդդիմութեան հետ, խորհրդարանական ընդդիմութեան եւ նաեւ առհասարակ քաղաքական դաշտի միւս տուելաներու դիրքորոշման: Գոյութիւն ունին համազգային հարցեր, համահայկական հարցեր. գոնէ այդ հարցերով իշխանութիւնը պէտք է հեռու մնայ անընդհատ ցոյց տալէ, այն մօտեցումը՝ թէ «ինչ ուզենք, կ’ընենք, մեր դէմ խաղ չկայ, մենք ենք իշխանութիւնը»: Այս հարցերուն առնչութեամբ պէտք է այդ գիտակցութիւնը, խոհեմութիւնը ունենայ, ճիշդ քայլերու ձեռնարկելու»: