«Ակօս».- Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութեան (HDP-ԺԺԿ) Տիարպեքիրի շրջանէն ընտրուած խորհրդարանի (մէճլիս) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանի ղեկավարութեան հարցադիմում  ներկայացուցած է: Ան առաջարկած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քննիչ յանձնաժողով ստեղծել, որ նպատակ կը հետապնդէ ուսումնասիրել հայ ժողովուրդին դէմ  իրականացուած մեծ ողբերգութիւնը, յայտնաբերել  պատասխանատուները, երեւան հանել անցեալը եւ արդարութիւն հաստատել:

«24 Ապրիլ 1915-ին 250 հայ քաղաքական գործիչ, մտաւորական, լրագրող ձերբակալուելով` քշուած են Չանղնըրը եւ Այաշ (բանտեր-խմբ․), այնուհետեւ սպանուած են: Այս թուականը ողջ աշխարհի մէջ ընդունուած է որպէս օսմանեան հողերու վրայ ապրող հայերու մեծաւ  մասամբ ոչնչացման պատճառ դարձած Հայոց Ցեղասպանութեան մեկնարկային օր:

Այս հողերուն վրայ հայ ժողովուրդին հետ տեղի ունեցած մեծ ողբերգութիւնը  շարք մը այլ պետութիւններու խորհրդարաններէն ներս քննարկուած եւ ընդունուած է որպէս ցեղասպանութիւն: Մինչդեռ Անատոլիոյ հնագոյն ժողովուրդներէն հայերու հետ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը ցայսօր Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս չէ քննարկուած: Միակ խորհրդարանը, որ կրնայ արդարութիւն հաստատել, Թուրքիոյ խորհրդարանն է», ըսած է Փայլան:

Ան յատկապէս առաջարկած է Թուրքիոյ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ ներքին կանոնադրութեան  104 եւ 105-րդ յօդուածներուն համապատասխան քննիչ յանձնաժողով ստեղծել, որուն նպատակը պիտի ըլլայ յայտնաբերել տուեալ ժամանակաշրջանի իշխանութիւններուն ընդունած որոշումով տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուները, նոյնիսկ ուշ, բայց արդարութիւն հաստատել:

Անոր խօսքով` «Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան կառավարութեան որոշումով հայ քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու եւ գրողներու աքսորով սկսած գործընթացը աւարտած հայ ժողովուրդի տեղահանումով  իրենց պատմական հողերէն եւ սպանուած է  տեղահանութեան ճանապարհին:

Փայլան ուշադրութեան հրաւիրած է այդ ժամանակաշրջանին Ներքին Գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի անձնական փաստաթուղթերէն մէկուն համաձայն` 1914-1917թթ․ ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս ապրող հայ բնակչութեան 77 տոկոսը ոչնչացուած է: 1915թ․ սկսած աքսորը եւ շարունակաբար իրականացուած քաղաքականութիւնը ակնյայտօրէն ցոյց  կու տան, որ ռազմական եւ այլ նպատակներէն աւելի շատ միտած են օսմանեան հողերու վրայ հայ ժողովուրդը բնաջնջել:

Հայ պատգամաւորը յայտնած է, որ 1915-ին․ եւ անկէ ետք իրականացուող համակարգուած բնաջնջման քաղաքականութիւնը քննարկուած է աշխարհի խորհրդարաններէն  ներս եւ կը համապատասխանէ ՄԱԿ-ի  «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւն» բնորոշման:

«Հակառակ որ  հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած մեծ ողբերգութիւնէն 105 տարի  անցած է, Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի կողմէն ան  չէ ուսումնասիրուած, արդարութիւն չէ հաստատուած եւ չէ անուանակոչուած:

Արդարութիւնը, որուն մէկ դարէ կը սպասեն աշխարհի մէջ սփռուած թրքահայերը միայն  կրնայ հաստատուիլ  Թուրքիոյ ժողովուրդներու հաւաքական խիղճով եւ Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս: Այս պատճառով ալ այն խորհրդարանը, որ պէտք է քննարկէ հայ ժողովուրդի մեծ ողբերգութիւնը, նախ եւ առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանը պէտք է ըլլայ:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն իրողութեան հետ 105 տարի է չեն առերեսուած, ամէն անգամ օրակարգի մէջ յայտնուելուն տարբեր ժխտողական քաղաքականութեամբ անտեսած են, ծայրաստիճան կարեւոր է, որ քննարկուի Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս, որպէսզի այս հողերու վրայ  հաստատուի խաղաղութիւնը եւ բացայայտուի ճշմարտութիւնը», ըսած է Փայլան: