«Արմէնփրէս».- Սպանիոյ Պարսելոն քաղաքի «Հայկական Մշակութային Միութեան» ատենապետ Տաթեւ Սուլեան հաղորդեց, որ Սպանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած առցանց նախաձեռնութիւններուն միացած են ծերակուտականներ, ներկայ եւ նախկին քաղաքական գործիչներ եւ օտարերկրացիներ:

Տաթեւ Սուլեան յայտնեց , որ նախաձեռնութիւններուն տարբեր երկիրներէն պաշտօնեաներ նաեւ միացած են:

24 Ապրիլին երեկոյեան` ժամը 21:00-ին տարբեր եկեղեցիներու զանգեր  ղօղանջած են, Սպանիոյ տարբեր բնակավայրերուն ու քաղաքներուն մէջ տեղի  ունեցած է մոմովառութիւն: Յատուկ եկեղեցական աղօթք կատարուած է նաեւ:

Նորայր Շողիկեան