ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ.«Մարտ ամիսէն մէջ կը  շեշտէինք, որ արտակարգ դրութեան կարգը պէտք է խստօրէն պահպանել, որ այսօրուան իրավիճակին չհասնէինք, սակայն կառավարութեան ոչ-հետեւողական եւ ձեւական գործողութիւնները երկիրը հասցուցին  վիճակի մը, որուն հետեւանքով հետագային շատ դժուար պիտի ըլլայ  առանց մեծ կորուստներու դուրս ելլել ստեղծուած իրավիճակէն:

«Ոչ մէկ համաճարակային կանոն կը պահուի, եւ այս անլուրջ վիճակին պատասխանատուն  կառավարութիւնն է: Պէտք է նախաձեռնել հետեւողական քայլերու ե՛ւ համաճարակի տարածումը կանխարգիլելու, ե՛ւ առողջապահական համակարգը կարգի բերելու համար, ինչպէս նաեւ հիւանդներուն արագ օգնութիւն ցուցաբերել, հետագայ մահերը կանխելու համար», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ քաղաքացիներու տեղորոշման մասին օրէնքի ընդունումը քաղաքացիներուն  վերահսկել կը նշանակէ, ոչ թէ առողջապահական հարցերը կանոնակարգել, որովհետեւ այդ օրէնքին ընդունումէն ետք դրական տեղաշարժ չէ նկատուած: