«Ասպարէզ».- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴ) շրջանի սեւամորթ համայնքին ուղղուած զօրակցական յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու ոստիկանութեան հերթական զոհը դարձած Ճորճ Ֆլոյտի վայրագ սպանութիւնը եւ հայ համայնքին կոչ ընելով, որ զօրակցի անարդարութեան դէմ պայքարին։

Արեմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց «Սեւամորթ կեանքերը արժէք ունին» կազմակերպութեան՝ յիշեցնելով, որ միայն ամիս մը առաջ այլ անզէն սեւամորթ մը սպաննուեցաւ երկու ծայրայեղ ազգայնամոլ ահաբեկիչներու կողմէ, իսկ Քընթաքիի մէջ ոստիկաններ սեւամորթ անմեղ կնոջ մը տունը ներխուժելով սաննեցին զայն, առանց որեւէ պատրուակի, այս բոլորը ազգայնամոլ քաղաքականութեան հետեւանք նկատելով։

Նշենք, որ Ֆլոյտի սպանութեան դէմ ցոյցերուն ընթացքին, Քընթաքիի մէջ ոստիկաններ այլ սեւամորթ ցուցարար մը սպանեցին։