«Ապառաժ».-Արթուր Թովմասեանի նախագահութեամբ հրաւիրուած Ազգային
ժողովի արտահերթ նստաշրջանին քննարկուած է Գլխաւոր դատախազի ընտրութեան հարցը: Փակ քուէարկութեան արդիւնքով 30 կողմ, 3 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ Գլխաւոր դատախազի պաշտօնին ընտրուած է Մհեր Ռոլեսի Աղաճանեան:
Արթուր Թովմասեանի կողմվն Ազգային ժողովին որոշումը հրապարակելէն ետք , նորընտիր Գլխաւոր դատախազի երդումը տեղի ունեցած է: