«Երկիր».- Թրքական ԶԼՄ-ները կը յայտնեն, որ Թուրքիոյ մէջ պետական նաւթակազային BOTAŞ ընկերութիւնը Նախիջեւանի կազատարի կառուցման մրցոյթ յայտարարած է:
Մրցոյթին մասնակցելու համար դիմումները պիտի ընդունուին մինչեւ այս տարուան 30 Յունիսը: Խողովակաշարի ընդհանուր երկարութիւնը կը կազմէ 82 քմ.: Մրցոյթին յաղթողը շինարարութիւնը 270 օրուան ընթացքին պէտք է աւարտէ:
Նշենք, որ այս կազատարի կառուցման մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է 2010 թ.: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան շինարարութեան մեկնարկը յայտարարած է այս տարուան Փետրուարին Պաքու կատարած իր այցելութեան ընթացքին:
«Նախիջեւանը, որ կազի կարիքները կը բաւարարէ իրանական կազի հաշւոյն, այս նախագիծի իրագործումէն ետք Թուրքիայէն այլընտրանքային կազի աղբիւր պիտի ստանայ», յայտարարած էր Թուրքիոյ ղեկավարը: