“Երկիր”._ 14 Յունիսին Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ղեկավարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Սերկէյ Շոյկույի Թուրքիա այցելութիւնը նախատեսուած էր։ Սակայն հանդիպումը ժամեր առաջ չեղեալ համարուած է։

Յիշուած է, որ ժամեր առաջ Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Լաւրովի հետ, որուն հետեւանքով հանդիպումը անորոշ ժամանակով յետաձգել որոշուած է։

Աւելցենք, որ 11 Յունիսին երկու երկիրներու ղեկավարները ունեցած էին հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին Լիպիոյ եւ Սուրիոյ քաղաքական վիճակը եւ պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարը քննարկուած էր։