“Երկիր”._Պոլսոյ հայոց պատրիարք, Արք. Մաշալեան Սուրբ Սոֆիայի առնչուող վերջին զարգացումներուն մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է։

Հայ պատրիարքը կոչ ուղղած է Սուրբ Սոֆիան մզկիթի վերածելու պարագային նաեւ քրիստոնեաներուն յաատուկ բաժին մը յատկացնելու այնտեղ։ Ան շեշտած է, որ Սուրբ Սոֆիան թող դառնայ դարուն եւ մարդկութեան խաղաղութեան խորհրդանիշը։

«Միթէ՞ այս առաջարկը այդքան ցնորական է։ Չէ, որ մենք նոյն երկինքին տակ մեր աղօթքները կը բարձրաձնենք։ Սուրբ Սոֆիայի գմբէթն ալ կը բաժնեկցինք։ Մեր կրօնները տարբեր են, սակայն մենք նոյն Աստուծոյն կը հաւատանք։ Աշխարհի փրկութիւնը խաչին եւ մահիկին դաշինքն է», ըսած է Մաշալեան։

Աւելցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ Սուրբ Սոֆիան մզկիթի վերածելու համար տարբերակներ մշակելու հրահանգ տուած է։

Յիշեցնենք, որ Բիւզանդիոնի Կոստանդին կայսեր օրով հիմնադրուած եւ ուղղափառներու ամենայայտնի տաճարի համբաւ կրող Սուրբ Սոֆիան Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք 16-րդ դարուն վերածուած էր մզկիթի, իսկ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն ետք, 1934-ին, թանգարանի վերածուած է։