Սուրիոյ Կըթութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Կիրակի, 14 Յունիսէն սկսեալ Իտիլիպի նահանգէն պրովէի եւ պաքալորիայի քննութիւններուն մասնակից աշակերտներուն ելքը ապահովուած է, հակառակ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու փորձերուն՝ անոնց արգելք հանդիսանալու։
Կրթութեան Նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն, կ՚ակնկալուի որ 2100 աշակերտ Սարաքէպի անցքէն անցնի եւ ուղղուի դէիպ Համա՝ մասնակցելու պետական քննութիւններուն։ Այս մէկը կարելի եղած է աշակերտներուն քննութեան նիւթը միջազգային շրջանակներէ ներս արծարծելէ ետք։
Աշակերտներուն ելքը ապահովուած է Կրթութեան Նախարարութեան, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, պատկան մարմիններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու գործակցութեամբ։ Այս առիթով Իտլիպի կրթութեան ընդհանուր տնօրէն Ապտուլհամիտ ալ Ամմար յայտնած է, որ աշակերտներուն ելքը ապահովուած է Սարաքէպի անցքէն, ուրկէ աշակերտները պիտի փոխադրուին Կարմիր Մահիկի միջոցաւ դէպի Համայի հիւրընկալ կեդրոնները, ուր պիտի ապահովուի անոնց կեցութիւնը քննութիւններու ամբողջ ընթացքին։