ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, ուր խստօրէն կը դատապարտէ 12 Յուլիսի կէսօրին սկսած ատրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէն ՀՀ Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ հրադադարի խախտումները, որոնք ներթափանցման փորձերով եւ հրետանիի կիրառումով դէպի հայկական դիրքեր ուղեկցուած են:
«Խստօրէն կը դատապարտենք 12 Յուլիսի կէսօրին սկսած ատրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէն ՀՀ Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ հրադադարի խախտումները, որոնք ներթափանցման փորձերով եւ հրետանիի կիրառումով դէպի հայկական դիրքեր ուղեկցուած են: Հայկական կողմի համարժէք գործողութիւններուն շնորհիւ` այս սադրիչ գործողութիւնները արդիւնաւէտօրէն զսպուած է:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը, ՀՀ վարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի հետ համակարգումով, մշտական կապի մէջ է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ` ներկայացնելով տեղւոյն իրադրութիւնը եւ անոր հետագայ սրումի վտանգները:
Վերջին ժամանակաշրջանին ատրպէյճանական կողմը, հակառակ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներոպն` սադրիչ գործողութիւններէն, թշնամական հռետորաբանութենէն զերծ մնալու եւ հրադադարի վարչակարգը ամրապնդելու կոչերուն, շարունակաբար հանդէս եկած են ուժի կիրառումով եւ ռազմական սպառնալիքներով:
Այդ սպառնալիքներուն լոյսին տակ սադրիչ գործողութեան հետեւանքներուն ողջ պատասխանատուութիւնը Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը կրէ»:
Աւելի ուշ յայտնած էինք, որ ատրպէյճանցիները հայկական զինեալ ուժերու սահմանային դիրքը գրաւելու երկու փորձ կատարած էին: Հակառակորդը ունի 3 զոհ եւ վիրաւորներ, իսկ հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Ատրպէյճանական կողմը երեկոյեան Տաւուշի ուղղութեամբ հրետակոծութիւն վերսկսած է` օգտագործելով 82 մմ. ականանետեր եւ հրասայլ: