“Արմէնփրէս”._ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանական կողմը հայկական նոյն դիրքի ուղղութեամբ սկսած է հրետակոծել, ուրկէ ազերի զինուորներ ժամեր առաջ ՈՒԱԶ մակնիշը կրող ինքնաշարժով փորձած էին անցնիլ հայ-ատրպէյճանական սահմանը։

«Ատրպէյճանական կողմը վերսկսած է հրետակոծել մեր նոյն դիրքի ուղղութեամբ 82 մմ. ականանետով եւ հրասայլով: Իրավիճակի լարման ամբողջ պատասխանատուութիւնը Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը պիտի կրէ», դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Ստեփանեան:

Աւելի ուշ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու զինուորական ծառայողները 12 Յուլիսին՝ ժամը 12:30-ին, ՈՒԱԶ մակնիշը կրող ինքնաշարժով Տաւուշի ուղղութեամբ ՀՀ պետական սահմանը խախտելու փորձ կատարած են: «Հայկական կողմի նախազգուշացումէն ետք, Ատրպէյճանի զինուորական ծառայողները, ձգելով ՈՒԱԶ մակնիշը կրող ինքնաշարժը, վերադարձած են իրենց դիրքը: Ժամը 13: 45-ին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու զինուորական ծառայողները կրկնած են հայկական զինեալ ուժերուն սահմանային դիրքը գրաւելու փորձը, կիրառելով հրետանային կրակ, սակայն հայկական կողմէն ճնշումի ենթարկուելով եւ, կորուստներ կրելով, ետ քաշուած են», յայտնած էր Ստեփանեան՝ աւելցնելով, որ հայկական կողմէն կորուստներ չկան:

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ 12 Յուլիսին տեղի ունեցած միջադէպին հետեւանքով զոհուած է ատրպէյճանական զինուժի 2 զինուորական ծառայող, եւ 5 հոգի վիրաւորուած են։ Հիւանդանոցէն ներս վիրաւորներէն մէկը մահացած է: