Հայաստան կը մերժէ սպառնալիքի լեզուն եւ հանդէս կու գայ հարցի խաղաղ լուծման դիրքէն: Այս մասին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղդալեան` «Ինթըրֆաքս»-ի խնդրանքով մեկնաբանելով Ատրպէյճանի ղեկավարութեան վերջին օրերուն կատարած յայտարարութիւնները խաղաղ հոլովոյթին մասին:
«Ղարաբաղեան տագնապը ունի երեք կողմ, որոնք զինադադարի մասին համաձայնագիր ստորագրած են: Նախապէս Ատրպէյճան բանակցութիւններ կը վարէր ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի, նոյնպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Այնուհետեւ Ատրպէյճան հրաժարեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ բանակցութիւններէ: Եթէ այժմ Ատրպէյճան կը հրաժարի բանակցութիւններ վարելէ Հայաստանին հետ, ապա պարզ չէ, թէ որո՛ւն հետ այդ երկիրը պիտի խօսի ղարաբաղեան տագնապին շուրջ: Ատրպէյճան մտադի՞ր է վերսկսելու բանակցութիւնները ղարաբաղեան կողմին հետ, թէ՞ ոչ: Մենք չենք գիտեր:
Վերջերս Ատրպէյճան տարբեր ձեւերով կը փորձէ պատերազմի սպառնալիքներով հանդէս գալ: Եթէ բանակցութիւններէն դուրս գալու սպառնալիքը այս շարքէն է, ապա ատիկա մեզ չի զարմացներ եւ չի տպաւորեր:
Հայաստան կը մերժէ սպառնալիքի լեզուն եւ հանդէս կու գայ հարցի խաղաղ լուծման դիրքերէն», շեշտած է Նաղդալեան: