«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ հիւսիսարեւմտեան Էսքիշեհիր քաղաքը ապրող ատրպէյճանցիներ փողոց իջած են` բողոքելու հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող մարտերուն համար: Բողոքի երթին միջոցով անոնք իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են հայկական զինեալ ուժերու գործողութիւններուն առնչութեամբ:
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի խօսափողը համարուող իշխանամերձ «Sabah» օրաթերթի ելեկտրոնային կայքին տեղեկութեամբ` բողոքի երթին մասնակցած է մօտաւորապէս 150 մարդ, հիմնականօրէն թրքաբնակ ատրպէյճանցիներ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներ եւ Թուրքիոյ մէջ ուսանող օտարերկրացիներ:
Բողոքի յիշեալ երթը կազմակերպած է «Էսքիշեհիրի Ատրպէյճանական Միութիւնը», որուն ղեկավար Ճաւիտ Այտըն երթի աւարտին մամուլի ասուլիս տուած եւ կրկնած է թուրք-ատրպէյճանական հիմնազուրկ թէզերը` կապուած Ղարաբաղի եւ հայկական այլ պատմական հողերուն հետ: Այտըն շեշտած է նաեւ, թէ հայկական լոպպիստական ուժերը աշխարհով մէկ հակաթրքական արշաւներ կ’իրականացնեն:
Բողոքի երթի մասնակիցները վանկարկած են հակահայկական լոզունգներ եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած կոչեր ուղղած են: