«Երկիր» ռազմավարական ծրագրաւորման հիմնադրամի նպատակն է նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակական-քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական ոլորտներու շարունակական արդիականացման` ազատութեան, արդարութեան, հաւասարութեան, իրաւունքի գերակայութեան ու համերաշխութեան գաղափարաբանական շեշտադրումներով:

Հիմնադրամի հիմնադիրներն են պետական-քաղաքական գործիչներ, տնտեսագիտութեան թեկնածու Արծուիկ Մինասեան եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լիլիթ Գալստեան:
Հիմնադրամը ի թիւս այլնի նպատակ ունի նպաստել ազգային ու համամարդկային արժէքներու ամրապնդման, քաղաքական ու քաղաքացիական երկխօսութեան խթանումի, հանրային իշխանութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն եւ գործիչներուն ներհայաստանեան ներգրաւման մակարդակի բարձրացման, ժողովրդավարական գործընթացներու զարգացման եւ այլն:
Հիմնադրամը մտադիր է իրականացնել համալիր վերլուծական աշխատանք, խթանել գիտակրթական յառաջընթացը, կազմակերպել տարաբնոյթ քննարկումներ, սեմինարներ, դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ իրականացնել բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացումին միտուած աշխատանքներ:
Յատուկ ուշադրութեան պիտի արժանանայ յետինդուստրիալ յեղափոխութեամբ մարդկային կացութաձեւի փոփոխութիւնները, արհեստական բանականութեան ընձեռնած հնարաւորութիւնները եւ մարտահրաւէրները: Յիշեալ նպատակներու ու հարցերու շրջագիծէն ներս մշտապէս կարեւոր համարուած է երիտասարդութեան ամենատարբեր կարողականութիւններու զարգացման միտուած ծրագիրները:
Յառաջիկայ երկու ամիսներու ընթացքին հիմնադրամը առաւելապէս զբաղուած պիտի ըլլայ ներքին կազմակերպական աշխատանքներով եւ գործընկեր միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու ու ծրագիրներու մշակումով, որմէ ետք պատշաճօրէն հանրային աշխուժութեամբ պիտի ներկայանայ հասարակութեան:
Հիմնադրամը գաղափարաքաղաքական առումով կը հարէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Հիմնադրամի տնօրէն նշանակուած է քաղաքագիտութեան ասպիրանտ Գէորգ Ղուկասեան: