ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած է Աթէնքի մէջ գտնուող ատրպէյճանական դեսպանատան առջեւ` ընդդէմ հայ-ատրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանին` Տաւուշի ուղղութեամբ 12 Յուլիսէն սկսեալ իրականացուող ատրպէյճանական սադրանքներուն: