Վրաստանի հայ համայնքի երիտասարդական-ուսանողական միութեան անդամները Վրաստանի ՀՀ դեսպանատան առջեւ հանրահաւաք նախաձեռնած են` ի զօրակցութիւն հայրենիքին եւ ընդդէմ հայ– ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ` Տաւուշի ուղղութեամբ 12 Յուլիսէն սկսեալ կրկնուող ատրպէյճանական սադրանքներուն:

Երիտասարդական-ուսանողական միութեան անդամները (ղեկավար` Արթուր Միրզոյեան) վանկարկումներով եւ տարբեր լեզուներով բարձրացուցած կոչերով դատապարտած են ատրպէյճանական սադրանքները` ինչպէս հայ-ատրպէյճանական սահմանին, նոյնպէս` Վրաստանի մէջ:
Վրաստանի հայ համայնքի ուսանողական միութեան անդամ Վրէժ Յարութիւնեան կազմակերպիչներու անունով հետեւեալ կոչը ուղղած է.
«Այսօր մենք` Վրաստանի հայ համայնքի երիտասարդական եւ ուսանողական միութեան անդամներս, նկատիառնելով երկրի ներկայ իրավիճակը եւ չխախտելով սահմանափակումները, եկած ենք զօրակցութիւն ցուցաբերելու մեր հայրենակիցներուն: Հաւատարիմ մնալով Վրաստանի հայ համայնքի պաշտօնական կոչին` հեռու մնալ սադրանքներէն, մենք բարձր քաղաքացիական պատասխանատուութիւն կը ցուցաբերենք:
Յիշեցնենք, որ իրավիճակի լարումէն ի վեր` մենք, կանխատեսելով Ատրպէյճանի կողմէն կառավարուող տարբեր խումբերի կողմէն ապագայ սադրիչ գործողութիւնները, տարածած էինք յայտարարութիւն, ուր կոչ ուղղած էինք Վրաստանի քաղաքացիներուն հեռու մնալ սադրանքներուն պատասխանելէն: Եւ այսօր եկած ենք հոս, որպէսզի աջակցինք մեր հայրենակիցներուն: Անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղենք Վրաստանի քաղաքացիներուն` անկախ իրենց ազգութենէն, հեռու մնալ որեւէ ձեւի սադրանքներուն պատասխանելէ, ինչպէս նաեւ մասնակցելէ եւ կազմակերպելէ: