Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Եւրոպայի Շրջանը (Աւստրիա – Գերմանիա-Իտալիա) խստօրէն կը դատապարտէ վերջին օրերուն Թրքական անմիջական ներգրաւուածութեամբ Ատրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումները Արցախի ու Հայաստանի վրայ:

Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ գործողութիւնները կը հակասեն միջազգային օրէնքի տարրական սկզբունքներուն ու քաղաքացիական հաստատութիւններու եւ քաղաքացիներու թիրախաւորումը պատերազմական ոճիրներ կը նկատուին: Աւելին, Ատրպէյճանն ու Թուրքիան իրենց ծաւալապաշտական քայլերով, թագավարակի համավարակով տագնապող ամբողջ աշխարհին ու յատկապէս Եւրասիական տարածաշրջանի կայունութիւնը անմիջականօրէն կը վտանգեն ու տարածաշրջանային լայնածաւալ ու անկառավարելի հետեւանքներ ունեցող պատերազմի մը շեմին կը կանգնեցնեն:

Միջազգային ընտանիքը, այսօր աւելի քան երբեք, պարտաւոր է իր բոլոր լծակներն ու կարողութիւնները օգտագործել՝ զսպելու զանոնք: Մինչ այդ, հայոց բանակը, Հայոց բանակին կողքին սահմանագիծ մեկնած կամաւորները ու հայ ժողովուրդի միանսական կեցուածքն ու անկոտրում կամքը աշխարհով մէկ, կը մնան հիմնական երախշխիքները Հայրենիքի ու ժողովուրդի անվտագութեան եւ յաղթանակի ապահովման:

Առ այդ, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Կեդրոնական շրջանը կը խոնարհի մինչ օրս հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին իրենց կեանքը զոհաբերած մերօրեայ հերոս նահատակներուն յիշատակին առջեւ ու որպէս Դաշնակցութեան համահայկական կառոյցին մէկ մասնիկը իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ յանուն հայ ժողովուրդի ու պետականութեան անսակարկելի յաղթանակին:

Անկասկած, պիտի յաղթենք:

29 Սեպտեմբեր 2020թ